2017-04-01 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը` Փերուի Կաթողիկէ Համալսարանի հիմնադրութեան 100-րդ ամեակին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` 19 Մարտ 2017 թուակիր նամակ մը յղած է Փերուի Քահանայապետական Կաթողիկէ համալսարանի Աւագ Ատենադպիր` կարդինալ Ճուզեփփէ Վերսալտիին, համալսարանի հիմնադրութեան 100-րդ տարեդարձին առթիւ։

Նամակին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը  գոհունակութիւն յայտնած է Ամենակալին պարգեւած բարիքներուն համար. Համալսարանի մատուցած ծառայութեան, ի սպաս` Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան, ապա ակնարկած է համալսարանի առաքելութեան ու կոչումին­, յատկապէս անդրադառնալով համալսարանի սահմանադրութեան առաջին յօդուածին­, ուր նշուած է թէ համալսարանը նախ եւ առաջ հասարակութիւն մըն է,  ''ուստի միեւնոյն ընտանիքի անդամներ որոնք կը կիսեն միասնական պատմութիւն մը, հիմնուած միեւնոյն սկզբունքներու'' վրայ գրած է Սրբազան Պապը նամակին մէջ ընդգծելով թէ համալսարանի հիմնադիրները այդ կառոյցով ուզած են ծառայութիւն մատուցել  ընկերութեան բացուելով նաեւ այլ մշակոյթներու եւ իրականութիւններու։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձած է  համալսարանի ''հասարակութեան'' անդամներուն` ուսանողներ, ուսուցիչներ ու աւարտականներ, հաստատելով թէ այս բոլորին Վարդապետը  կը մնայ միայն մեր Տէրը` Յիսուս եւ թէ ով որ կանչուած է դաստիարակելու պէտք է նմանի Անոր, Բարի Վարդապետին, որ ամէն օր կը ցաներ իր խօսքը ու համբերատար գտնուեցաւ անոնց հետ որոնք իրեն կը հետեւէին։ Եթէ Անոր օրինակին հետեւինք, գրած է Սրբազան Քահանայապետը, կը հասկնանք թէ ուսուցանել ամէնէն առաջ կը նշանէ սորվիլ աշակերտել, որպէսզի հետեւելով Վարդապետին  սորվինք բարելաւել մենք զմեզ։

Ըլլայ դասաւանդումը ըլլայ ուսումնառութիւնը դանդաղ ու պահանջկոտ գործընթաց մըն է որ կարիքը ունի մշտական ուշադրութեան ու սիրոյ,  յարեց ապա Սրբազան Պապը դաստիարակը նմանեցնելով Արարիչի համագործակիցին, ու յատուկէն անդրադարձ կատարեց Կաթողիկէ Համալսարանի կոչումին` որ է աւետարանել։

''Բաւարար չէ դասաւանդումն ու ուսմունքը, պէտք է զանոնք կեանքի վերածել` որպէս թթխմոր։ Մենք աշակերտներ ու առաքեալներ ենք­, ու կանչուած ենք ըլլալու կենդանի Աւետարան­, մեր կեանքի բարի օրինակով, որպէս Քրիստոսի համագործակիցներ, գրած է հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ, դիտել տալով թէ Համալսարանը պէտք է դիմագրաւէ այսօրուայ մարտահրաւէրները ու ընդառաջէ այսօրուայ կիներուն եւ այր մարդոց պահանջներուն, անոնց տանելով վստահելի ու վաւերական խօսք մը։

Նամակի աւարտին Նորին Սրբութիւնը մէջբերած է իրեն նախորդ` Յովհաննէս Պօղոս Բ Սուրբ Քահանայապետի խօսքերը, հաստատելով թէ համալսարանը յատուկ կապ ունի Պետրոսի Յաջորդին հետ ու Տիեզերական Եկեղեցւոյ հետ հաղորդութեան մէջ է, ու թէ ան կարող է իր նպատակակէտը իրականացել այնքանով որ կարող պիտի ըլլայ ընկերութեան երաշխաւորել մարդկայնութիւն ե արհեստավարժութիւն։

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակը աւարտած է Սուրբ Կոյս Մարիամ` Իմաստութեան Աթոռի բարեխօսութեան յանձնելով Փերուի Կաթողիկէ համալսարանի ընտանիքն ու անոր ծրագիրները ու բոլորին վրայ հայցած է Տիրոջ օրհնութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.